seçkin padletim by Jermen Kantarcıoğlu

Այս Էջը կը նուիրեմ բոլոր մայրերուն: Ամբողջ տարի մը անհամբեր կը սպասենք այս օրուան։ Մեր ամէնէն շատ սիրած էակին գեղեցիկ տօնը։ Գարնանային ծաղկման եւ բնութեան զարթնումին հետ միասին կը հասնի նաեւ բարի, պայծառ եւ լուսաւոր տօն մը՝ Մայրերու Օր։
Բոլոր ժողովուրդները եւ ազգերը իրենց սովորութիւններով կը մեծարեն Մայրը։ Ահա հասած է այդ օրը։ Իրականութեան մէջ ամէն օր մեզի համար մայրերու Օր է, որովհետեւ ամէն օր կը սիրենք եւ կը գուրգուրանք իրենց: Սակայն Մայիսի երկրորդ Կիրակին պաշտօնապէս նշանակուած է տօնակատարութեան համար: Ամէն մարդ այդ օրուան անսահման ուրախութեամբ եւ անձկութեամբ կը սպասէ։ Նուէրներու մասին կը մտածեն եւ լաւագոյն տօնելու համար շատ ծրագիրներ կը մշակեն։ Ուրեմն ի՞նչ ընենք այդ օրը: Ահաւասիկ ձեզի առաջարկներու շարք մը, որ վստահաբար պիտի նպաստէ ձեր ծրագիրներուն իրագործման եւ լաւագոյն Մայրերու Օրը տօնելու համար։
1- Իրագործեցէ՛ք «արտասովոր» արձակուրդ մը: Կրնաք կարգ մը պարզ կարգադրութիւններով  պտոյտ մը կազմակերպել:

2- Կարելի է ստեղծել տնային շարժապատկերի մթնոլորտ, դիտելով մայրիկին հետ ունեցած ձեր հին պատկերները: Անոնք կրնան հաճելի յիշատակներ արթնցնել ձեր մէջ:
3- Ընտանիքին կեանքին մէջ գտէք ծիծաղաշարժ երեւոյթներ ու դէպքեր: Երեկոն միասին անցնելով, փորձեցէք վերյիշել եւ գրի առնել ընտանեկան կեանքէն ներս  անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցած ծիծաղաշարժ ու հաճելի երեւոյթներն ու պատահարները: Այսպիսով երջանիկ պահեր պարգեւած կ՛ըլլաք ձեր մայրիկին:
4- Երաժշտութեամբ պայծառացուցէք ձեր ընտանեկան մթնոլորտը:
5- Մայրերու Օրը շատ իմաստալից կ՛ըլլայ ամուսինին եւ զաւակներուն կողմէն կնոջ կամ մօր պարգեւել այն ինչ, որուն կարիքը ունի: Ցանկը երկար է, բայց կարելի է յիշել հետեւեալները.-
* Մայրիկին ազատ ժամանակ պարգեւել:
* Առաւօտեան մինչեւ ուշ ժամերը քնանալու առիթ ստեղծել մայրիկին:
* Քոյրիկ-աղբարիկ «կռիւները» յետաձգել մինչեւ յաջորդ օրը:
* Որեւէ բան, որուն կարիքը ունի մայրիկը՝ ձեր կարծիքով:
6- Ծաղիկներ ցանեցէք կամ նոյնիսկ ծառ տնկեցէք ձեր մայրիկին համար: Կարելի է նոյնիսկ ծառ մը տնկել եւ յետագային անոր տուած իւրաքանչիւր պտուղին հետ անգամ մը եւս յիշել կամ պատուել մայրիկը: Պարտէզին մէջ երեխաները կրնան քաղցր խօսքեր գրել մայրիկին՝ հողին վրայ:
7- Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել մայրերու օր առանց ամուր «փաթթուկներու» կամ տաքուկ եւ համովիկ «պաչիկներու»:

մայրերու օրուան արթիւ
ես մայրիկիս անակնկալ նամակներ պիտի պատրաստէմ եւ պիտի պահէմ:Ես եւ հայրիկս ալ մայրիկիս համար կարկանդակի քովը ուտէլու համար փրօփիթերօլ արնելօւ մայրիկիս քլուխէն վար ծաղիկնէր պիտի ինկնայ:

ՄԻՐԱ

Ես իմ մայրիկիս նախաճաշ պիտի պատրաստեմ ։Վերջը անոր պատկեր մը պիտի գծեմ իմ ծրագիրս այսպէս է։

Լէթիսիա
Մայրերու Օրը կանուխ պիտի առթննամ: Մեկ առաջուան օրը պատրաստած նամաակներս  տունին որոշ տեղերը  պիտի պահեմ: Մայրս անոնք պիտի գտնայ եւ ամէնէն վերջն ալ նուերները գտած պիտի ըլլայ: